2014-08-25 10:40:12

Լրագրողներու համակարգող Մարմինի նիստ` Սփիւռքի Նախարարութեան մէջ


Ուրբաթ, 22 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համակարգող մարմինի նիստը, որ կը վարէր համակարգող խորհուրդի նախագահ Շահան Գանտահարեան: Ժողովին մասնակցեցան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի դասախօս Աստղիկ Աւետիսեան, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան եւ սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժինի պետ Նուէր Նալբանդեան: Նիստին հեռակապով միացած էին «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեան, Թէքէեան մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան գործադիր տնօրէն Պայծիկ Գալայճեան եւ Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան:
Ողջունելով նիստին մասնակիցները` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. «Կ՛ուզեմ արձանագրել, որ Լրագրողներու համակարգող մարմինը ամէնէն աշխուժ եւ միշտ գործող կառոյցներէն մէկն է: Կ՛ակնկալեմ, որ համաժողովին հնչեն աւելի յստակ հարցադրումներ: Արդէն պատրաստ է համաժողովի հռչակագիր-յայտարարութեան նախագիծը, անիկա պիտի խմբագրուի եւ ուղարկուի համահայկական բոլոր կառոյցներուն, հաշուի պիտի առնենք բոլորին կարծիքը: Ասիկա այն եզակի դէպքերէն է, երբ մենք պարտաւոր ենք վեր կանգնիլ մեր ներքին տարակարծութիւններէն, անձնական նկրտումներէն, կուսակցական եւ այլաբնոյթ մօտեցումներէ: Քննարկումները պիտի կատարուին մինչեւ 18 սեպտեմբեր: Իսկ 20 սեպտեմբերին հռչակագիր-յայտարարութիւնը պէտք է ընդունուի միաձայն, միակամք: Ատիկա մեր միասնութեան երաշխիքներէն է: Համաժողովը անգամ մը եւս պէտք է ազդարարէ, որ հայ ժողովուրդը միակամ է, համախմբուած, եւ ուժեղ է իր միասնականութեամբ: Այն համախմբուածութիւնը, որ առկայ է այսօր ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ հասարակական կեանքին մէջ, պէտք է արտացոլայ նաեւ մամուլին մէջ, տեղեկատուական մարզին մէջ»:
Համակարգող խորհուրդի նախագահ Շահան Գանտահարեան ներկայացուց Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովի նիստերուն առաջարկուող նիւթերը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան լուսաբանումը մամուլին մէջ, հայոց լեզուի իմացութեան, անաղարտութեան եւ պահպանման հիմնախնդիրները եւ հեռանկարները, քարոզչութիւն, հակաքարոզչութիւն, տեղեկատուական անվտանգութեան հիմնախնդիրները, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման միտումները եւ հեռանկարները: 2014 թուականի «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի շրջանակներուն մէջ սփիւռքի լրագրողներուն համար կազմակերպուած դասընթացքներուն եւ անոնց րդիւնքներուն մասին զեկուցեց Նաղաշ Մարտիրոսեան:
Քննարկուեցան նաեւ կազմակերպական այլ հարցեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.